Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցան Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-էյթ»-ի փլէյ-օֆի ճակատումները, երբ տեղի ունեցան Մութթահետ – Պիպլոս եւ ՀՄԸՄ – Հուփս ճակատագրական հինգերորդ մրցումները:
Մութթահետ 70-51 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն իր տոմսը, ուր կը ճակատի Սաժեսի դէմ:
Ինչ կը վերաբերի երկրորդ ճակատումին, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ 71-68 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց եւ ապահովեց «ֆայնըլ-ֆոր»-ին իր տոմսը, ուր կը ճակատի Ռիատիի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի արձանագրած այս յաղթանակը նկատուեցաւ պատմական իրագործում մը, որովհետեւ ՀՄԸՄ առաջին անգամ ըլլալով կը հասնէր կիսաւարտական հանգրուան` «ֆայնըլ-ֆոր»:
Թէեւ մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ չորս քորթըրներուն ալ տիրապետեց իր հիւրին` Հուփսին վրայ (25-22, 44-36, 57-56 եւ 71-68), սակայն երկու կազմերուն միջեւ այս հինգերորդ ճակատումը եղաւ բաւական տաք եւ որոշ չափով ալ պրկուած` երկու կազմերուն համար:
Սակայն ՀՄԸՄ տարաւ վերջնական յաղթանակը եւ մարզադաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած իր համակիրներուն ներկայութեան տօնական մթնոլորտ մը կրցաւ ստեղծել դաշտին վրայ:
Ախոյեանութիւնը ցարդ աւարտած չէ, եւ ՀՄԸՄ-ի կազմը իր ճամբան պէտք է շարունակէ, մինչեւ ախոյեանութեան տիտղոսը:
Շատեր բաւականացած կը թուին ըլլալ եւ կ՛ըսեն, որ գոհացուցիչ կը նկատեն ՀՄԸՄ-ի կիսաւարտական հանգրուան հասնիլը:
Ինչո՞ւ այդպէս մտածել եւ չպայքարիլ ախոյեանութեան տիտղոսին համար` նկատի ունենալով, որ այս տարեշրջանին բոլոր խումբերն ալ իրարու համահաւասար կը նկատուին, երեք օտար մարզիկներու դրութեամբ կիրարկուող ախոյեանութեան ընթացքին:
Հուփսի դէմ տեղի ունեցած այդ 5-րդ մրցումին, ՀՄԸՄ պահ մը ունեցաւ 11 կէտի առաւելութիւն մը (16-5):
ՀՄԸՄ 32 թրի փոյնթերէն 9-ն (28 տոկոս) հասցուց իրենց նպատակին, մինչ Հուփս` 22-էն 5-ը (22,7 տոկոս):
ՀՄԸՄ-ի թըրն-օվըրները եղան 20, մինչ Հուփսինները` 16: ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 46 ռիպաունտ, մինչ Հուփս` 34: ՀՄԸՄ-ի մարզիկները կատարեցին 9 էսիսթ, մինչ Հուփս` 17:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Նետիմ Սուէյտ` 19, ներառեալ` 3 թրի փոյնթ (9 փորձերէ ետք), ապա` Տուայն Ճեսքըն` 16 (3 թրի փոյնթ` 4 փորձերէ), Ահմետ Իպրահիմ` 13 (2 թրի փոյնթ` 10 փորձերէ), Նորվել Փել` 12 (16 ռիպաունտ) եւ Քեւին Կալըուէյ` 9 (1 թրի փոյնթ` 5 փորձերէ, եւ 7 ռիպաունտ):
Հուփսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տուայն Տէյվիս` 21 կէտ (5 թրի փոյնթ` 12 փորձերէ ետք), մինչ անոր խմբակից Թայրըն Նելսըն նշանակեց 11 կէտ եւ 14 ռիպաունտ, մինչ Ուիլիըմ Պըրտ` 10 կէտ:
Օրուան իրւարարներն էին Ռապպահ Նըժէյմ, Ատել Խուէյրի եւ Ռապիհ Մասրի: