
ArmSport.am կը յայտնէ, որ ֆրանսական Ռեմ ֆութպոլի խումբը, պիտի ըլլայ Ռէալ Մատրիտի մրցակիցը` «Սանթիակօ Պեռնապէօ» ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ընթացքին:
Տարեկան սովորութիւն դարձած այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 16 օգոստոսին:
Նշենք, որ նախորդ մայիսին Ռեմի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Միշել Տէր Զաքարեան:
Նախորդ տարի, այս մրցաշարքին աւարտականին, Ռէալ Մատրիտ յաղթեց Կալաթասարային:


