Արաբական պետմինթընի տղոց եւ աղջկանց երիտասարդական ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերելու համար լիբանանեան համապատասխան պատուիրակութիւնը երէկ մեկնեցաւ Ալճերիա:
Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 15-19 յուլիսին, մասնակցութեամբ` 80 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնեն Ալճերիան, Իրաքը, Յորդանանը, Պահրէյնը, Սուտանը, Մորիթանիան եւ Լիբանանը:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ` Ալի Քազմա, մարզիչն է` Մոհամետ Պէյրութի, իսկ մարզիկները` Ալֆրետ Ֆրանսիս, Սելիմ Շըմալի, Տենի Մուրթատա եւ Ռոզի Ռըզք: