Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին բերդապահ Փիթըր Շմայքըլ անդրադառնալով Ռայըն Կիկզի Մանչեսթըր Եունայթտէն հեռանալուն մասին, ըսաւ.
«Կիկզի հեռանալը Մանչեսթըր Եունայթըտի համար տխուր է, բայց լաւ` եթէ ան կ՛ուզէ օրին մէկը կրնայ վերադառնալ ակումբ` իբրեւ գլխաւոր մարզիչ: Փորձը եւ ինքնուրոյն աշխատանքը առանցքային գործօններ են երիտասարդ մարզիչներու համար եւ Կիկզ առիթը կ՛ունենայ այդ մէկը կատարելու:
Նշենք, որ Կիկզ իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է Մանչեսթըր Եունայթըտի` 1990-2014 ժամանակամիջոցին եւ 881 մրցումի ընթացքին նշանակած է 155 կոլ:
Ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց 2014-ին, որմէ անմիջապէս ետք, մաս կազմեց խումբին մարզիչներու խմբակին, իբրեւ գլխաւոր մարզիչի օգնական:
Սակայն, մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի ժամանումը` «Օլտ Թրեֆորտ» պատճառ դարձաւ, որ ան հեռանայ խումբէն: