Ռէալ Մատրիտ, շատ հաւանաբար ունենայ իր աղջկանց սեփական խումբը, կը յայտնէ «AS» կայքը:
Մատրիտեան ակումբին նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես, երկար ժամանակ հրաժարած է աղջկանց խումբ ստեղծելու գաղափարէն, սակայն ակումբին բազմահազար համակիրներուն խնդրանքով, ան ի վերջոյ որոշեց խումբ մը ստեղծել, որուն մասին, պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի կատարէ մօտիկ ապագային:
Ռէալ Մատրիտի մրցակիցը` Պարսելոնա, իր անունով աղջկանց ֆութպոլի խումբ ունի 1988-էն ի վեր: Քաթալոնիական խումբը, իր մասնակցութիւնը կը բերէ աղջկանց Սուփըր-լիկային եւ երկրին եռակի ախոյեան է: