Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Իրենց երկրորդ յաղթանակը արձանագրելով` Անուար եւ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ ապահովեցին աւարտականին իրենց տոմսը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ իր կատարած առաջին մրցումին, 58-53 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Անդրանիկէն, երէկ եւս նոյն խումբէն պարտութիւն մը կրեց` 53-44 արդիւնքով:
Աւարտականի առաջին մրցումը տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 18 յուլիսին: