Իտալական մամուլին համաձայն, Եուվենթուս մօտէն հետաքրքրուած է Նափոլիի յառաջապահ Կոնցալօ Հիկուայինի փոխանցումով եւ, ըստ Calciomercato.it կայքը, իտալական ակումբը արժանթինցի ֆութպոլիստին համար, պատրաստ է վճարել 75 միլիոն եւրօ:
Այս փոխանցման մաս կը կազմէ նաեւ Եուվենթուսի միջնապահ Ռոպերթօ Փերէյրայի հակառակ ուղղութեամբ մեկնումը, փոխան` 12-18 միլիոն եւրոյի:
Սակայն այնպէս կը թուի, թէ Նափոլիի իր 28 տարեկան յառաջապահին համար 94 միլիոն եւրոյէն նուազ գին չ՛ընդունիր:
Նախորդ տարեշրջանին, Քալչիոյի մրցումներուն, Հիկուային, որ նշանակեց 36 կոլ, մինչեւ 2018-ի ամառը պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Նափոլիի հետ: