Երէկ Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Գ. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Գ. հանգրուան հասնելու պարագային Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ իրեն դէմ պիտի ունենայ Տինամօ (Խրուաթիա) – Վարտար (Մակեդոնիա) մրցումին յաղթողը:
Նշենք, որ Աբրահամ Խաշմանեանի կազմը, քիչ մը դժուար, բայց ոչ անկարելի առաքելութիւն մը ունի կատարելիք` նկատի ունենալով, որ երթին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած է:
Վարտարի դէմ յանդիման գալու պարագային հայրենի կազմը իրեն դէմ պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեանը: