
“WBO”-ի վարկածով 2-րդ կէսմիջին կարգի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ նախորդ շաբաթավերջին կատարեց իր արհեստավարժ ասպարէզին 50-րդ մենամարտը` յաղթելով նորվեկիացի Թիմ-Ռոպին Լիհոկին:
Թէեւ այս մենամարտին առաջին 4 ռաունտերը անցան հաւասար պայքարով, սակայն 5-րդ եւ 7-րդ ռաունտերուն, ինչպէս նաեւ 8-րդին, 23 տարեկան նորվեկիացին հետզհետէ սկսաւ չդիմանալ Աբրահամի հարուածներուն:
8-րդ ռաունտին Թիմ-Ռոպին իր մարզիչէն խնդրեց մենամարտը ընդհատել, եւ այսպիսով, 36 տարեկան Աբրահամ թեքնիք-նաք-աութով յաղթական դուրս եկաւ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ այժմ Աբրահամ ախոյեանութեան գօտիին թեկնածու կը դառնայ:


