Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի 16 տարեկանէն վար հաւաքականը պարտութեամբ սկսաւ Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը:
Արդարեւ, Հայաստանի կազմը, որ կը մրցէր Անտորրայի տղոց խումբին դէմ, իր կատարած առաջին մրցումին 71-48 արդիւնքով զիջեցաւ իր մրցակիցին: