Պայէրն Միւնիխի թեքնիք տնօրէն Քարլ-Հայնց Ռումընիկէ յայտարարեց, որ ակումբի միջնապահ Մարիօ Կէօթցէի փոխանցումը` Պորուսիա Տորթմունտ, գրեթէ իրականութիւն պիտի դառնայ, բայց պէտք է սպասել կարգ մը մանրամասնութիւններու, որոնք կը ճշդուին անոր գործակալին հետ:
Նշենք, որ 24 տարեկան Կէօթցէ 2013-2014 տարեշրջանին սկիզբը Տորթմունտէն միացաւ Պայէրնի, փոխան` 37 միլիոն եւրոյի: