Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչ Ֆերնանտօ Սանթոս մինչեւ 2020 պիտի մնայ իր պաշտօնին վրայ:
Սանթոս, որ 2014-ին նշանակուեցաւ մարզիչ, այս ամիս իր կազմին հետ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան` Ֆրանսայի մէջ: