Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի նորեկ մարզիկ Հենրիխ Մխիթարեան, որ այժմ իր ակումբին հետ կը գտնուի Չինաստան, «Միրըր»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Սքանչելի առիթ մըն է, Պորուսիա Տորթմունտէն ետք մաս կազմել Մանչեսթըր Եունայթըտին, որ կը նկատուի աշխարհի մեծագոյն ակումբներէն մէկը: Շատ ուրախ եմ անոր միանալուս համար:
«Պիտի փորձեմ առաւելագոյնս ընել օգնելու անոր եւ յաղթանակներ արձանագրելու համար, կը պատրաստուինք ամէն ինչ ընել, ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալու համար:
«Թէեւ ատիկա այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ, բայց շատ լաւ ձեւով պիտի նախապատրաստուինք անոր: Կը սպասենք գալիք օրերուն»: