
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումին, Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլ իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրելով Անուար Ժտէյտէի դէմ, հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան եւ բնականաբար ապահովեց Ա. դասակարգի իր տոմսը:
Անդրանիկ, որ առաջին մրցումին 54-48 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երկրորդին արձանագրեց 50-43 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Օրուան իրաւարարներն էին յորդանանցիներ Նասեր Ապու Ռաշետ, Մոհամետ Ֆաուզի եւ լիբանանցի Ժորժ Սաատ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Նշենք, որ Անուար մրցումներ ունի կատարելիք նաեւ Շեպիպեթ Շիահի դէմ (Ա. դասակարգ): Երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կը միանայ Ա. դասակարգի խումբերուն:
 
			

