Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը ներկայացուց Հայաստանի բոլոր մարզիկներուն անունները, որոնք կը մասնակցին Պրազիլի Ռիօ տը Ժանէյրօ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք ամառնային ողիմպիականի խաղերուն:
Հայաստան Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի խաղերուն պիտի ունենայ 33 մասնակցող, ինչ որ կը նկատուի մրցանիշ մը:
Նշենք, որ նախանցեալ օր յստակացաւ աղջկանց ծանրաբարձութեան մրցումներուն մասնակցող երկրորդ ներկայացուցիչին անունը` Սոնա Պօղոսեան:
Ստորեւ` Ռիօ մեկնողներուն ցանկը.
ԱԹԼԵԹԻԶՄ
Ամալիա Շարոյեան, Տիանա Խուբեսերեան, Լեւոն Աղասեան, Լիլիթ Յարութիւնեան, Գայեանէ Չիլոյեան եւ Գոռ Ներկարարեան:
ԿՌՓԱՄԱՐՏ
Արթուր Յովհաննիսեան, Նարեկ Աբգարեան, Արամ Աւագեան, Յովհաննէս Պաչքով եւ Վլատիմիր Մարգարեան:
ԱԶԱՏ ՈՃԻ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ
Գառնիկ Մնացականեան, Դաւիթ Սաֆարեան, Գէորգի Քեթոյեւ եւ Լեւոն Պերիանիցէ:
ՅՈՒՆԱՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ՈՃԻ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ
Միհրան Յարութիւնեան, Արսէն Ջուլֆալակեան, Մաքսիմ Մանուկեան եւ Արթուր Ալեքսանեան:
ԼՈՂԱՐՇԱՒ
Վահագն Մխիթարեան եւ Մոնիքա Վասիլեան:
ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ
Անդրանիկ Կարապետեան, Առաքել Միրզոյեան, Սիմոն Մարտիրոսեան, Ռուբէն Ալեքսանեան, Գոռ Մինասեան, Վանիկ Աւետիսեան (պահեստի մարզիկ), Նազիկ Աւդալեան եւ Սոնա Պօղոսեան:
ՀՐԱՑԱՆԱՁԳՈՒԹԻՒՆ
Հրաչիկ Բաբայեան:
ԺԻՒՏՕ
Յովհաննէս Դաւթեան:
ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶՈՒԹԻՒՆ
Արթուր Դաւթեան, Յարութիւն Մերդինեան եւ Հուրի Գեբեշեան: