
Լիբանանցի վարորդ Շարպել Հապիպ եւ անոր օգնականը` Ուալիտ Սմահա, յաջողեցան Պէյճինկ – Փարիզ միջազգային 6-րդ ռելին ամբողջացնել, այսպիսով պատմութիւն կերտելով եւ իրենց անունը արձանագրելով ռելիներու պատմութեան մէջ:

115 ինքնաշարժներու մասնակցութեամբ եւ աւելի քան 50 երկիրներու ներկայացուցիչներուն ներկայութեան, անոնք ամբողջացուցին 13.695 քմ` 12 յունիսէն 17 յուլիս երկարող ժամանակամիջոցին, իրենց Փորշ 356-Սի. (1964 տիպի) ինքնաշարժով:
Անոնք տիրացան ոսկի մետալին, որովհետեւ ժամանման գիծ հասան արձանագրելով 270 ժամ 8′ 23″ արդիւնք մը: Բացի ատկէ, անոնք տիրացան նաեւ արծաթ մետալին` գրաւելով 2-րդ դիրքը Զ. դասակարգին մէջ (1942 եւ 1964-ի տարիներուն ինքնաշարժներուն մէջ):
Նշենք, որ անոնք ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեցին 24-րդ դիրքը:
Յայտնենք, որ այդ 115 ինքնաշարժներէն 97-ն յաջողեցան հասնիլ ժամանման գիծ:


