Ժըպէյլի նաւահանգիստը, կիրակի, 24 յուլիսին, կը հիւրընկալէ մարզական յատուկ ինքնաշարժներու հաւաք մը, առաւօտեան ժամը 8:00-էն 11:00:
Երրորդ անգամ ըլլալով կայացող այս հաւաքին ընթացքին մարզասէր հասարակութիւնը առիթ կ՛ունենայ մօտէն ծանօթանալու տարբեր տեսակի իւրայատուկ ինքնաշարժներու եւ վարորդներու` տարբեր շրջաններէ հոն ժամանած:
Նշենք, որ անիկա կը նմանի Քալիֆորնիոյ մէջ (Մ. Նահանգներ) տեղի ունեցող իւրայատուկ ինքնաշարժներու հաւաքին: