
Եւրոպայի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը, կը հաղորդէ ArmSport.am` իր այս լուրը քաղելով Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէն:
Ա. խմբակին մէջ իր կատարած չորրորդ մրցումին, Հայաստան 65-62 արդիւնքով յաղթեց Վրաստանի:
Հայաստանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Արամ Արսլանեան (18):


