Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը շաբաթական հերթական ժողովին քննարկեց Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին առնչուած հարցեր:
Ասկէ մեկնելով, ֆետերասիոնը Ա. դասակարգի ակումբները յատուկ ժողովի մը հրաւիրեց հինգշաբթի, 21 յուլիսին, ժամը 17:00-ին, ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ), աւելի մանրամասն քննելու համար բազմաթիւ հարցեր, որոնց կարգին, օտարական մարզիկներու հարցը:
Յայտարարուեցաւ, որ 6 նոյեմբերին տեղի ունենայ գերբաժակի մրցաշարքը, որմէ ճիշդ երկու օր ետք, ազդանշանը տրուի, տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին:
Որոշուեցաւ նաեւ, որ աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ազդանշանը տրուի 13 նոյեմբերին:
Սակայն Ա. հանգրուանի մրցումները պէտք է տեղի ունենան մէկ օտարականով, իսկ կիսաւարտականի ճակատումները` երկու:


