Պարսելոնա կը պատրաստուի բարձրացնելու յառաջապահ Լուիս Սուարեզի աշխատավարձը, որպէսզի անիկա հաւասարի Նէյմարի աշխատավարձին, որ ան ներկայիս կը գանձէ իր ակումբէն:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Ա-Պոլա»-ն, բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան ուրուկուէյցի յառաջապահ Սուարեզի հետ` անոր պայմանագիրին բարելաւման գծով:
Նէյմար, որ նախապէս երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը, տարեկան պիտի գանձէ 15 միլիոն եւրօ:
Կնքուելիք համաձայնութենէն ետք, Սուարեզ իր կարգին այդքան պիտի գանձէ: