Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ պաշտօնապէս ներկայացուց երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին նոր մարզիչը` Ճիամփիերօ Վենթուրան, որ 2 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ֆետերասիոնին տոմարներուն վրայ:
«Երջանիկ կը զգամ, որովհետեւ ինծի վստահուեցաւ աշխարհի լաւագոյն ազգային խումբերէն մէկը: Բացի ատկէ, կ՛ուզեմ իմ շնորհակալութիւններս յայտնել նախկին մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէին, որ իմ մասիս ունեցաւ դրական եւ լաւ արտայայտութիւն», ըսաւ Վենթուրա, Sky Sports-ի հետ իր ունեցած կարճ հարցազրոյցին ընթացքին: