
Աթլեթիքօ Մատրիտի մարզիչ Տիեկօ Սիմիոնէ խօսեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի` Պարսելոնայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին մասին եւ գովեց պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարը:
«Իմ գլխաւորած տարիներուս Աթլեթիքոն երբեք արժանի չէ եղած յաղթանակի Նիւ Քամփի մէջ: Յոյս ունինք, որ ատիկա կը փոխուի», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Նէյմար բացառիկ ֆութպոլիստ է, որ կրցաւ յաղթել ողիմպիական խաղերուն, այդքան քննադատութիւններէ ետք: Ան իր իւրայատուկ ոճը ունի: Նէյմար կ՛երգէ, կը պարէ եւ կ՛ոչնչացնէ»:


