
Գերմանական Վոնտերորտ ակումբի բերդապահ Մարքօ Քվիոթեք Օպերհաուզենի դէմ ֆութպոլի Գերմանիոյ վերջին դասակարգերէն մէկուն մրցումի մը ընթացքին 43 կոլ ստացաւ:
Այդ մրցումէն քանի մը օր ետք, ոստիկանները այցելեցին ակումբի մարզումի վայրը եւ 25-ամեայ բերդապահը տարին ոստիկանատուն: Ոստիկանները ոչինչ հաղորդեցին ձերբակալութեան պատճառներուն մասին:

Օպերհաուզենի դէմ մրցումի առաջին կիսախաղին Վոնտերորտ 35 կոլ ստացած էր: Մրցակից խումբին մարզիչը երկրորդ կիսախաղին փոխարինեց խումբին հիմնական մարզիկները, եւ այդ պատճառով երկրորդ կիսախաղը նոյնքան արդիւնաւէտ չեղաւ…


