Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Պեշիկթաշի 26-ամեայ միջնապահ Արազ Օզպիլիսի անունը թրքական ակումբը չէ ներկայացուցած Եւրոպայի ակումբներու 2016-2017 թուականի ախոյեանութեան մրցաշարքին («Չեմփիընզ Լիկ»):
Որոշման դրդապատճառները ընթերցողներուն մեկնաբանութեան կը ձգենք` ներկայացնելով Արազ Օզպիլիսի բացատրութիւնը.
«Եթէ ինծի հետ կնքած են 4 տարուան պայմանագիր, ուրեմն յոյսեր ունին: Անշուշտ, բոլոր ֆութպոլիստները կ՛ուզեն խաղալ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցաշարքին մէջ, բայց պէտք է շարունակել աշխատիլ: Ֆութպոլի մէջ կրնայ ամէն ինչ տեղի ունենալ, Պեշիկթաշ տեղափոխուիլս ֆութպոլային առումով ճիշդ որոշում էր ինծի համար, եւ ես ոչ մէկ բանի համար կը զղջամ: Համակիրները միշտ կ՛աջակցին ինծի: Երբեք չեմ յանձնուիր: Եթէ ոչ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի, ապա Թուրքիոյ ախոյեանութեան եւ բաժակի մրցաշարքին մէջ կը դրսեւորեմ իմ լաւագոյնս», ըսաւ Օզպիլիս:
Ըստ երեւոյթին, Օզպիլիս ե՛ւ այրած սրտի մխիթարանք կը փորձէ ընել, ե՛ւ ֆութպոլային դիւանագիտութիւն: Ամէն պարագայի, Պեշիկթաշի որոշումը այնքան ալ անմեղ չէ: