Ուքրանիոյ Պերտիչեւ քաղաքին մէջ աւարտեցաւ բռնցքամարտի` Քլիչքօ եղբայրներու անուան երիտասարդներու միջազգային մրցաշարքը:
Հայաստանի երիտասարդներու ազգային հաւաքականը նուաճեց 3 մետալ: 64 քկ ծանրութեան դասակարգին մէջ Տոնի Գալստեան նուաճեց արծաթ մետալ` աւարտականին պարտուելով Վրաստանը ներկայացնող Էսքերխան Մատիեւէն: Նոյն դասակարգին մէջ, Գուրգէն Մատոյեան նուաճեց պրոնզ մետալ: Իսկ 91 քկ ծանրութեան դասակարգին մէջ Գուրգէն Յովհաննիսեան նոյնպէս նուաճեց պրոնզ մետալ: Հայաստանի ազգային հաւաքականը կը բաղկանար 8 բռնցքամարտիկներէ: