ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը բաժակի մրցաշարքի իր առաջին մրցումը կատարեց երէկ կէսօրէ ետք, Պհամտունի դաշտին վրայ, ուր իր մրցակիցն էր Պար Էլիասի Նասերը: Մրցումին 90 վայրկեաններուն կոլ չնշանակուեցաւ, հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները աւելի առիթներ ստեղծեցին: Խաղը երկարաձգուեցաւ 30 վայրկեանով, որուն ընթացքին զգալի էին ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն վճռականութիւնը, ծրագրուած խաղարկութիւնը, յաղթանակի ձգտումը, որոնց միանալով համակիրներու քաջալերանքը ՀՄԸՄ 3-0 արդիւնքով նուաճեց յաղթանակը: Կոլերը նշանակեցին Ճոնի Գոնճեան, Քրիսթիան Թիմոնեան եւ Ալեք Ալճեան:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար Պհամտունէն Պէյրութ վերադարձի ճամբուն անտանելի խճողումը այս անգամ հաճելի էր…:
Բաժակի մրցաշարքի յաջորդ հանգրուանին ՀՄԸՄ-ի մրցակիցը պիտի ըլլայ Նըժմէ: