Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լ. Ճուլֆալակեան. «Առանց Աշխատանքի Ոչ Մէկ Յաղթանակ Կ՛ապահովուի»

September 20, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

levon-joulfakian_91916

Յունահռոմէական ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ճուլֆալակեան բարձր գնահատեց ժողովուրդին եւ երկրի ղեկավարութեան գնահատականը խումբի յաջողութիւններուն` ողիմպիական ոսկի եւ արծաթ մետալներուն, զորս Ռիոյի Ողիմպիական խաղերուն նուաճած են Արթուր Ալեքսանեանն ու Միհրան Յարութիւնեանը:

«Որեւէ աշխատանք պէտք է ստանայ իր գնահատականը: Եթէ քու աշխատանքդ չի գնահատուիր քու երկրիդ, կառավարութեանդ, երկրի նախագահին կողմէ, ամէն բան կը կորսնցնէ իր ուժը: Բայց այս գնահատականներուն կողքին ամէնէն կարեւորը ժողովուրդինն է: Մենք միշտ կը տեսնենք, թէ ինչ ուրախութեամբ եւ ինչ բարձր գնահատականով մեզ կ՛ընդունի հասարակութիւնը, մեզի հետ հաւասարապէս կ՛ուրախանան, կը շնորհաւորեն, կը լուսանկարուին: Այդ բոլորը հասարակութեան գնահատականն է, եւ մենք ատով մեծապէս կը հպարտանանք:

«Մարդ իր աշխատանքով պէտք է երջանիկ ըլլայ եւ ուրախ: Բայց երբ այդ բոլորին վրայ կ՛աւելնայ երկրի ղեկավարութեան, նախագահի գնահատականը, այն ատեն ամէն բան կը կատարուի տեղին` քու երկրիդ, ժողովուրդիդ համար:

«Ես շատ ուրախ եմ, որ իմ աշխատանքիս 17 տարիներուն ընթացքին երկրի նախագահէն բազմաթիւ մետալներ ստացած եմ, ատկէ աւելի կ՛ոգեւորուիմ, կը ձգտիմ մեծ յաջողութիւններու: Առանց աշխատանքի ոչ մէկ յաղթանակ կ՛ապահովուի, իսկ այդ աշխատանքը պէտք է գնահատուի», ըսաւ Լեւոն Ճուլֆալակեան:

Ռիոյի Ողիմպիական խաղերուն խումբին յաջողութիւններուն համար գլխաւոր մարզիչը պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» երկրորդ աստիճանի շքանշանով:

 

 

 

Նախորդը

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակ (ԻՖԼ)

Յաջորդը

Բռնցքամարտ. Կարօ Մուրատի Հերթական Յաղթանակը` Նաքաութով

RelatedPosts

Հրաձգութիւն.  Յղի Էլմիրա Կարապետեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան
Մարզական

Հրաձգութիւն. Յղի Էլմիրա Կարապետեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

March 5, 2026
«Հայփ Էֆ. Սի.»  Ծառուկեան – Փուլաս Վրէժի Մրցումը… Կրնայ Յետաձգուիլ
Մարզական

«Հայփ Էֆ. Սի.» Ծառուկեան – Փուլաս Վրէժի Մրցումը… Կրնայ Յետաձգուիլ

March 5, 2026
Մարմնամարզութիւն.  Համլեթ Մանուկեան Հասաւ Աւարտական
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Համլեթ Մանուկեան 2025-ի Լաւագոյն Մարմնամարզիկ

March 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.