Լեհաստանի մէջ աւարտեցաւ ծանրաբարձութեան Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութիւնը, որուն վերջին օրը Հայաստան նուաճեց ոսկի եւ արծաթ մետալներ:
Մինչեւ 17 տարեկան աղջիկներու գերծանր կշիռքի դասակարգին մէջ (+69 քկ) Արփինէ Տալալեան 213 քկ (89+124) արդիւնքով նուաճեց առաջին դիրքը` գերազանցելով երկրորդ դիրքը գրաւած ռուս Տարիա Ռիազանովան:
Տղոց մինչեւ 17 տարեկաններու գերծանր կշիռքի դասակարգին մէջ (+94 քկ) Վարազդատ Լալայեան 335 քկ (155+188) արդիւնքով նուաճեց արծաթ մետալ: Ան միայն քիլոկրամով մը զիջեցաւ ախոյեանի տիտղոսը նուաճած լեհ Եաքուպ Վեկրզինին:
Քանի մը օր առաջ Լեհաստանի մէջ Եւրոպայի պատանեկան ախոյեաններ դարձած էին Կարէն Մարգարեան (77 քկ, մինչեւ 15 տարեկան) եւ Կարէն Աւագեան (85 քկ, մինչեւ 17 տարեկան), իսկ 94 քկ ծանրութեան դասակարգին մէջ Եաշա Մինասեան երկրորդ դիրքը գրաւած էր մինչեւ 15 տարեկաններու պայքարին մէջ: