Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Ճոն Պրետլիի. Հենրիխ Մխիթարեան Անպայման Կը Դառնայ Մանչեսթըրի Հիմնական Ֆութպոլիստը

September 21, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

heno_92016

Մանչեսթըր Եունայթըտի համակիրները աւելի շատ կը քննադատեն խումբի մարզիչ Մորինիոն Հենրիխ Մխիթարեանը վիրաւոր վիճակի մէջ  խաղցնելուն  համար, քան Մխիթարեանը` մանչեսթըրեան տերպիին մէջ իր վատ խաղարկութեան համար: Այս մասին  նշեց անգլիացի յայտնի մարզական լրագրող, մեկնաբան Ճոն Պրետլի:

Հարցազրոյցի մը մէջ ան ըսաւ. «Իւրաքանչիւր ֆութպոլիստի համար մեծ քայլ է տեղափոխուիլ Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգ եւ անմիջապէս յաջողութեան հասնիլ: Նկատի առնելով, որ ան վիրաւոր էր եւ հիմնականին մէջ կը նստէր փոխարինողներու նստարանին վրայ, անոր համար դժուար էր արդիւնք ցոյց տալը: Հենրիխ մրցումի զանազան պահերուն ցոյց տուած է իր տաղանդը եւ կարելիութիւնները, բայց համակիրներուն իր լաւագոյնը ցոյց տալու համար ան պէտք է միշտ խաղայ»:

Անգլիացի մեկնաբանը նաեւ աւելցուց. «Ես կասկած չունիմ, որ Մխիթարեան այն ֆութպոլիստն է , որ կը մնայ Մանչեսթըրի մէջ յառաջիկայ քանի մը մրցաշրջաններուն: Պէտք է յիշել, որ Մխիթարեանէն ժամանակ պահանջեց, որպէսզի յարմարի Պորուսիային` Շախտիորէն տեղափոխուելէ ետք: Բայց Մխիթարեան շատ խելացի երիտասարդ է, որ ինքնիրեն դրսեւորել գիտէ ե՛ւ խաղավայրին մէջ, ե՛ւ ատկէ դուրս: Անոր համար աւելի դիւրին կ՛ըլլայ , երբ արդէն յարմարի Անգլիոյ կեանքին եւ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին: Մանչեսթըր Եունայթըտ այս պահուն շատ բացեր եւ խնդիրներ ունի, որոնք պէտք է լուծէ, աւելի մեծ, քան այս պահուն Մխիթարեանի խնդիրն է: Նկատի առնելով այն, որ Ռունին վատ սկսաւ մրցաշրջանը, զարմանալի չ՛ըլլար, եթէ տեսնենք Հենրիխը իբրեւ «թիւ 10» ֆութպոլիստ: Կը խորհիմ, որ անոր համար ատիկա լաւագոյն դիրքն է, եւ մենք կը տեսնենք Հենրիխը Օլտ Թրաֆորտի մէջ յաջող խաղարկութեամբ»:

Անգլիացի յայտնի մարզական լրագրող, մեկնաբան Ճոն Պրետլի նաեւ անդրադարձաւ Մխիթարեանի մասին անգլիական մամուլի հրապարակումներուն եւ համակիրներու կարծիքներուն` նշելով. «Մխիթարեան շատ ճանչցուած է Անգլիոյ մէջ արդէն քանի մը մրցաշրջանէ: Նախ իր հիանալի խաղով Շախտիորի մէջ, ապա ան շատ մօտ էր Լիվըրփուլ  տեղափոխուելուն, բայց ընտրեց Տորթմունտը: Այսպիսով, համակիրները գիտէին անոր տաղանդներուն մասին: Անշուշտ, մանչեսթըրեան տերպին անոր լաւագոյն խաղը չէր, բայց շատերը գիտէին, որ ան կը խաղար Հայաստանի հաւաքականի մրցումին ընթացքին վիրաւորուելէ ետք: Եւ Մորինիոն քննադատած էին աւելի շատ, քան Մխիթարեանը իր խաղարկութեան համար: Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին անդամ  Տիթմար Համան ըսաւ, որ Մխիթարեան ժամանակի կարիք ունի  յարմարելու համար Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին: Գերմանացի նախկին ֆութպոլիստը  Մխիթարեանը նկարագրեց իբրեւ իւրայատուկ տաղանդի տէր մարզիկ, որ կրնայ փոխել մրցումներուն ընթացքը: Անգլիոյ մէջ շատեր այսպէս կը վերաբերին Մխիթարեանին: Հենրիխէն ժամանակ պահանջուեցաւ, որպէսզի Գերմանիոյ մէջ ալ յարմարի: Երբ յաջողեցաւ յարմարիլ, ան դարձաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիկներէն մէկը: Ես վստահ եմ` Հենրիխ նոյնը հոս, Անգլիոյ մէջ կ՛ընէ: Հենրիխը բերած են Մանչեսթըր Եունայթըտ, որպէսզի խումբը առաջ շարժի: Ան խումբին կարեւոր մասնիկն է, եւ վստահ եմ, որ կը դառնայ հիմնական կազմի ֆութպոլիստ: Հենրիխ շատ տաղանդաւոր է, որպէսզի նստի փոխարինողներու նստարանին երկար ժամանակ: Եւ երբ Մորինիօ լուծէ խումբին խնդիրները, ան կը տեսնէ, որ Մխիթարեան կը դառնայ Օլտ Թրաֆորտի խումբին անբաժանելի մասնիկը:

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Մէջ Ձերբակալուեցաւ Մրցումի Մը Ընթացքին 43 Կոլ Ստացած Բերդապահը

Յաջորդը

Նէյմարը Կ՛երգէ, Կը Պարէ Եւ Կ՛ոչնչացնէ

RelatedPosts

Հրաձգութիւն.  Յղի Էլմիրա Կարապետեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան
Մարզական

Հրաձգութիւն. Յղի Էլմիրա Կարապետեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

March 5, 2026
«Հայփ Էֆ. Սի.»  Ծառուկեան – Փուլաս Վրէժի Մրցումը… Կրնայ Յետաձգուիլ
Մարզական

«Հայփ Էֆ. Սի.» Ծառուկեան – Փուլաս Վրէժի Մրցումը… Կրնայ Յետաձգուիլ

March 5, 2026
Մարմնամարզութիւն.  Համլեթ Մանուկեան Հասաւ Աւարտական
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Համլեթ Մանուկեան 2025-ի Լաւագոյն Մարմնամարզիկ

March 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.