
Նախագահ Սերժ Սարգսեանը պարգեւատրած է Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն մետալներ նուաճած հայ մարզիկները: Յունահռոմէական ոճի ըմբիշներ Արթուր Ալեքսանեանը եւ Միհրան Յարութիւնեանը, ինչպէս նաեւ ծանրորդներ Սիմոն Մարտիրոսեանը եւ Գոռ Մինասեանը պարգեւատրուած են «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» առաջին աստիճանի մետալով:

Նախագահ Սարգսեան պարգեւատրած է նաեւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը` Պատուոյ շքանշանով:
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեանը, Ըմբշամարտի ֆետերասիոնի նախագահի առաջին տեղակալ Յովհաննէս Սոֆոյեանը, Յունահռոմէական ըմբշամարտի Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեանը պարգեւատրուած են «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» երկրորդ աստիճանի մետալով:
Հայաստանի ծանրամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեանը, Գիւմրիի ծանրամարտի մանկապատանեկան դպրոցի մարզիչ Յակոբ Փիլոսեանը, Էջմիածինի քաղաքապետարանի թիւ 1 մարզադպրոցի ծանրամարտի մարզիչ Աշոտ Փիլոսեանը պարգեւատրուած են Երախտագիտութեան մետալով:
Գիւմրիի` Արթուր Ալեքսանեանի անուան յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մանկապատանեկան մարզադպրոցի տնօրէն Գէորգ Ալեքսանեանը, Նորայր Մուշեղեանի անուան ըմբշամարտի ողիմպիական մանկապատանեկան մարզադպրոցի տնօրէն Սամուէլ Գէորգեանը պարգեւատրուած են Մովսէս Խորենացի մետալով:
«Շատ ուրախ ենք, որ 20-ամեայ ընդմիջումէ ետք Հայաստանը բերաւ ողիմպիական ոսկին: Համոզուած եմ, որ ոչ միայն մենք, այլ նաեւ Արթուր Ալեքսանեանի մրցակիցները տեսան զիրենք գերազանցող մարզիկը, ո՛չ միայն մրցակիցները, այլ նաեւ մրցավարները եւ բոլոր երկրպագուները: Շատ շնորհակալ ենք, Արթու՛ր: Մենք Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ ականատես եղանք մետալներու, բայց մենք տեսանք նաեւ մեծ ներուժ, իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ յաջորդ ողիմպիական խաղերուն պիտի ունենանք շատ աւելի մեծ յաջողութիւններ:
Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին` Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորութեամբ: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել մեր բոլոր մարզաձեւերու ֆետերասիոններու նախագահներուն եւ մարզիչներուն: Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք կ՛աջակցին մարմնակրթութեան, որոնք իրենց միջոցներով կարելիութիւններ կ՛ընձեռեն մեր մարզիկներուն` ոչ միայն բնական պայմաններու մէջ մարզուելու, այլ նաեւ արժանապատիւ ապրելու», նախագահի մամլոյ ծառայութեան փոխանցումով ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:


