Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, նախքան իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերուն քննարկումը, շնորհաւորեց Ահտը` ասիական մրցաշարքին ընթացքին անոր արձանագրած յաջողութեան համար:
Յայտարարուեցաւ, որ 10 նոյեմբերին Լիբանան ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Պաղեստինի դէմ:
16-18 հոկտեմբերին Յորդանանի մէջ աղջկանց ֆութպոլի մրցաշարքին վերաբերող նոր օրէնքներուն եւ որոշումներուն առումով տեղի ունենալիք ժողովին Լիբանանը պիտի ներկայացնէ Համբիկ Միսաքեան:
Ասիոյ ֆութպոլի 2017-ի բաժակի մրցաշարքին, Սաֆա եւ Նըժմէ պիտի ներկայացնեն Լիբանանը:
Ֆետերասիոնը վերջին անգամ ըլլալով ազդարարեց Նըժմէն եւ Անսարը` զսպելու իրենց համակիրները, որպէսզի անոնք հեռու մնան խուլիկանութիւններէ, ինչպէս նաեւ կրօնական եւ քաղաքական բնոյթի բացագանչութիւններ արձակելէ, այլապէս, անոնց կազմերը իրենց մրցումները պիտի կատարեն դռնփակ:
Մայատին ակումբը 5 միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ, ինչպէս նաեւ փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ, որովհետեւ քաշուեցաւ Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութենէն:
Նոյն պատիժը կիրարկուեցաւ Պրուս Քաֆէի դէմ: Միակ տարբերութիւնը եղաւ այն, որ անիկա Բ. դասակարգէն փոխադրուեցաւ Գ. դասակարգ:
Պէյրութ ֆութպոլի ակումբը, երկուքուկէս միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ, որովհետեւ անիկա քաշուեցաւ երիտասարդներու (19 տարեկանէն վար) ախոյեանութենէն:
Ինչ կը վերաբերի այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք ախոյեանութեան մրցումներուն, յայտագիրը պիտի ընթանայ հետեւեալ ձեւով.
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 4-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. | ||
| ՈՒՐԲԱԹ, 7 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ | ԺԱՄ | ԴԱՇՏ |
| Սաժես – Ահլի Նապաթիէ | 15:30 | Սաֆա |
| ԿԻՐԱԿԻ, 9 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ | ||
| Ռիատա Ուալ Ատապ – Իսլահ Պըրժ Շիմալի | 15:30 | Թրիփոլի |
| ՀՄԸՄ – Ամալ Մաարաքէ | 15:30 | Պուրճ Համուտ |
| Շապապ Ղազիէ – Մապարրա | 15:30 | Քֆարժոզ |
| Շապապ Արապի – Շեպիպեթ Մազրաա | 15:30 | Սաֆա |
| Ահլի Սայտա – Նասեր Պար Էլիաս | 15:30 | Սայտա |
Իրենց անկարգապահ համակիրներուն պատճառով Նըժմէ եւ Անսար չորսական միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցան:
Այդ տուգանքէն բացի, անոնք պիտի վճարեն Մարզական աւանին թրիպիւններուն կրած ծանր վնասներուն գինը:
Նըժմէ պիտի վճարէ 25.935 ամերիկեան տոլար, իսկ Անսար` 7392 ամերիկեան տոլար:
Նեպի Շիթ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուելէ բացի, 2-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ, որովհետեւ Ահլի Նապաթիէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (կրտսերներու ախոյեանութեան) դաշտ ներկայացուց անօրինական մարզիկ մը (Ալաա Ասսաֆ):


