Շանվիլ եւ Թատամոն Զուք ակումբներու նախկին պատուոյ նախագահ Աքրամ Հալապի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին, ըսաւ, որ ինք թեկնածու է Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահական ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան դեկտեմբերին:
Ան ըսաւ, որ իր առաջադրելիք պաշտօնական թեկնածութիւնը առիթ պիտի տայ բոլոր անոնց, որոնք կ՛ուզեն հետեւիլ իր օրինակին, իրենց կարգին առաջադրելու իրենց թեկնածութիւնը:
Ան իր խօսքը եզրափակեց նշելով, թէ իր փափաքն է, որ լիբանանեան պասքեթպոլի մարզը, իր բարեկամներն ու իր մօտիկ շրջանակը զօրավիգ կանգնին իրեն` ֆետերասիոնի նախագահական ընտրութեան ընթացքին: