Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ (Պրազիլ) տեղի ունեցած ամառնային ողիմպիական խաղերուն յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ոսկի մետալակիր Արթուր Ալեքսանեանին եւ փոխախոյեան Միհրան Յարութիւնեանին, շնորհուեցաւ Երեւանի պատուոյ քաղաքացիի կոչում:
Յիշեցնենք, որ Արթուր Ալեքսանեան յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Նազարեանէն ետք դարձաւ անկախ Հայաստանի պատմութեան երկրորդ ողիմպիական ախոյեանը. մինչ Միհրան Յարութիւնեան կողմնակալ իրաւարարութեան պատճառով աւարտականին պարտուեցաւ, բաւարարուելով արծաթ մետալով: