Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես դժգոհ է ակումբին Քոսթա Ռիքայի բերդապահ Քէյլոր Նաւասի խաղարկութենէն, կը յայտնէ Sport.es կայքը:
Արքայական ակումբը մտադիր է բաժնուիլ Նաւասէն, որ վերջերս ապաքինելով իր ստացած վնասուածքէն, իրմէ ակնկալուածը չի տար:
Կը կարծուի, որ մօտիկ ապագային այս առնչութեամբ յաւելեալ մանրամասնութիւններ ի յայտ գան: