
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար, որ կը գտնուի Ժընեւ (Զուիցերիա), յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Պասքեթպոլի միջազգային ֆետերասիոնի («ՖԻՊԱ») նախագահ Հորասիօ Մուրաթորէի հետ:
Նասսար Ժընեւի մէջ ներկայ գտնուեցաւ 2017-ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած նիստին:
Մուրաթորէի հետ շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպում-ժողովէն ետք, Նասսար իր պաշտօնակիցը հրաւիրեց Լիբանան այցելութեան մը, ինչ որ սիրայօժար կերպով ընդունուեցաւ:
Կ՛ակնկալուի, որ Մուրաթորէ մօտիկ ապագային (նախքան 2016-ի աւարտը) այցելէ Լիբանան եւ յատուկ հանդիպում մը ունենայ պասքեթպոլի պատասխանատուներուն հետ:


