13 տարեկան միջնապահ Քարամոքօ Քատեր Տեմպելէ (Փղոսկրեայ Ափունք) իր նորամուտը նշեց սկովտիական Սելթիքի 20 տարեկանէն վար խումբին հետ:
Ան իր այդ նորամուտը նշեց Հարթցի դէմ կատարուած մրցումին, որուն ընթացքին դաշտ ներկայացաւ 81-րդ վայրկեանին:
Ան բաւական տպաւորիչ մրցում մը ունեցաւ եւ իր ունեցած բացառիկ խաղարկութեամբ փայլեցաւ փորձառու ֆութպոլիստներուն կողքին:
Այս մրցումին պատանի տաղանդը համեմատեցին Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի հետ:
Մրցումը աւարտեցաւ Սելթիքի յաղթանակով (3-1):