
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն Շեպիպէ իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ սերպ Զորան Վիսիչ նշանակուեցաւ խումբի նոր մարզիչ:
Նշենք, որ անոր նշանակումը կատարուեցաւ նկատի ունենալով, որ Շեպիպէ փրոթոգոլային պայմանագրութիւն մը ունի կնքուած «Եուփաք» պասքեթպոլի (Սերպիա) ակադեմիային հետ:


