Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ ֆետերասիոնը Մանչեսթըր Եունայթըտէն ստացած է նամակ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ անգլիական ակումբը ֆետերասիոնէն խնդրած է, որ Հենրիխ Մխիթարեան չմասնակցի Ռումանիոյ եւ Լեհաստանի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն` 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին առնչութեամբ:
Անգլիական ակումբին բժիշկը այդ նամակին մէջ ըսած է հետեւեալը.
«Հենրիխ Մխիթարեան կը գտնուի ապաքինման հանգրուանի մը մէջ, ձախ ազդրի մկանի վնասուածքէն ետք, որ պատահած էր նախորդ ամիս, երբ ան մրցում կը կատարէր իր ակումբին հետ:
«Վիրաւոր Մխիթարեան, որ նոյնիսկ փորձերու ալ չի մասնակցիր, դժուար թէ կարենայ մրցում կատարել:
«Նկատի ունենալով այս բոլորը, շնորհակալ կ՛ըլլանք, եթէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը թոյլ տայ Մխիթարեանին այդ երկու մրցումներուն չմասնակցիլ եւ Մանչեսթըր մնալով շարունակել իր ապաքինումը»: