Հանրի Շալհուպի անուան տղոց պասքեթպոլի մրցաշարքին կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ 4-12 նոյեմբերին տեղի ունենալիք այս 2-րդ մրցաշարքին, Ա. դասակարգի 9 խումբեր ցարդ իրենց հաւանութիւնը տուած են անոր մասնակցելու:
Այդ խումբերն են` Պիպլոս (տիտղոսակիր), Սաժես, Մութթահետ, ՀՄԸՄ, Շանվիլ, Թատամոն Զուք, Հուփս, Լուէյզի եւ Մէյրուպա:
Նշենք, որ Ռիատի իր պատասխանը պիտի տայ աւելի ուշ:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ այս մրցաշարքը լաւագոյն պատրաստութիւնը պիտի ըլլայ այս մրցաշարքէն անմիջապէս ետք սկսելիք Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին:
Վերջապէս, կազմակերպիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, որ մեծապէս կը նպաստէ մրցաշարքի կայացման եւ զօրավիգ կը կանգնի, որ անիկա հեզասահ ձեւով ընթանայ:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին պիտի կիրարկուին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ներքին օրէնքները: