
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. դասակարգին վերաբերող մրցումի մը ընթացքին, ֆութպոլիստ մը ստացաւ կանաչ քարտ մը, որ կը գործածուի ոչ թէ պատժելու, այլ քաջալերելու համար, կը յայտնէ իտալական corriere.it կայքը:
7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Վիրթուս Էնթելա – Վիչենցա մրցումին (4-1), հիւր կազմի յառաջապահ Քրիսթիան Կալանօ կանաչ քարտ մը ստացաւ` իրաւարարին սխալ որոշումը սրբագրելուն համար:
Իրաւարարը ըսած էր, որ գնդակը ելած է քոռնըր, մինչ ան ըսած էր, որ գնդակը ելած է աութ եւ մրցակիցին բերդապահին պէտք է տրուի, որ հարուածէ այդ աութը:


