Յառաջիկայ տարի Ռէալ Մատրիտ պիտի սկսի «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վերակառուցումը` ստանալէ ետք Սպանիոյ մայրաքաղաքի իշխանութիւններուն արտօնութիւնը:
Մարզադաշտը վերակառուցումէն ետք պիտի ունենայ գոցուող տանիք, կը յայտնէ «Մարքա»:
Կը նշուի նաեւ, որ մատրիտեան իշխանութիւնները մերժած են Ռէալի մէկ առաջարկը եւ անոր յաւելեալ տարածութիւն չեն տրամադրած: Ճիշդ այդ պատճառով ալ արքայական ակումբը կ՛ուզէ մարզադաշտին ճիշդ մօտ ակումբին համար կառուցել փոքր պանդոկ մը:
Կը նախատեսուի, որ աշխատանքները աւարտին 2019-ին եւ անոր համար ծախսուի 400 միլիոն եւրօ: