Շաբաթ, 8 հոկտեմբերին «Մոնրօ» պանդոկին մէջ (Պէյրութ) «Ֆինիքա Ֆայթինկ Չեմփիընշիփ»-ի նախագահ Շահէ Երեւանեան տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` ներկայութեամբ մեծ թիւով հրաւիրեալներու:
Իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Երեւանեան ըսաւ, որ 10 դեկտեմբեր 2016-ին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի պիտի ունենայ ֆայթի առաջին ճակատում մը` «Ֆինիքա-1» անուան տակ, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն լիբանանցի, միջազգային եւ արաբական երկիրներէն եկած մարզիկներ:
Յայտարարուեցաւ, որ այդ ֆայթի ճակատումները պիտի պատկերասփռուին «Էլ. Պի. Սի. Այ.» պատկերասփիւռի կայանէն: