Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս, որ Ալպանիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին (2018-ի մոնտիալի զտում) վնասուածք մը ստացաւ, 5-6 շաբաթ պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, կը յայտնէ «ԱՍ»:
Նշենք, որ այդ մրցումին Ռամոս վիրաւորեց իր ձախ ծունկը:
30 տարեկան Ռամոս հաւանաբար նոյեմբերի վերջը դաշտ վերադառնայ եւ մասնակցի Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք տերպիի մրցումին, իր կազմին` Ռէալ Մատրիտի հետ: