«Մունտօ Տեփորթիւօ» կը հաղորդէ, որ 25 հոկտեմբերին «Ֆրանս ֆութպոլ» պիտի ներկայացնէ ցանկը այն թեկնածուներուն, որոնցմէ մէկը պիտի տիրանայ ոսկի գնդակի տիտղոսին:
Աշխարհի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի կոչումին համար պիտի պայքարին 30 մարզիկներ:
Նախապէս քուէարկութեան կը մասնակցէին ազգային խումբերու խմբապետները, մարզիչները եւ լրագրողները:
Սակայն նախորդ սեպտեմբերին «Ֆրանս ֆութպոլ»-ը դադրեցաւ համագործակցիլ ՖԻՖԱ-ին հետ:
Այժմ պիտի քուէարկեն միայն լրագրողները: