
2798 տարեկան Երեւանի օրուան տօնական ձեռնարկներուն շրջանակին մէջ, Մաշտոցի պուրակին մէջ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան ճատրակի մրցումներ` դպրոցականներու եւ անուանի ճատրակ խաղացողներու մասնակցութեամբ:
Աւելի քան 40 դպրոցականներ իրենց ուժերը փորձեցին միջազգային կրանտմասթըրներ Արտաշէս Մինասեանի եւ Հրայր Սիմոնեանի հետ:
Նշենք, որ այդ 40 դպրոցականները Երեւանի տարբեր դպրոցներէն 14 տարեկան եւ վար տարիքը ունէին:
Հայրենի երկու կրանտմասթըրներն ալ փափաք յայտնեցին, որ ճատրակի այս մրցումները` պատանի դպրոցականներուն հետ, ըլլան յաճախակի եւ ոչ միայն տօնական օրերուն ընթացքին:


