Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ երէկ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցաւ Ժամհուր -ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցումը:
Հակառակ անոր որ Ժամհուր Ա. կիսախաղը աւարտեց ի նպաստ իրեն` 2-0 արդիւնքով, սակայն Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները սաստկացնելով իրենց յարձակումները, արդիւնքը հաւասարեցուցին (2-2):
Բայց եւ այնպէս Ժամհուր տարաւ վերջնական յաղթանակը` 4-3 արդիւնքով:
Այսպիսով, 1 յաղթանակ միայն արձանագրած ՀՄԸՄ կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, մինչ Ժամհուր, որ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը: