
Զուիցերիական Սերվեթ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Մարսէյէն:
Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի նախկին միջնապահ Հրաչ Եաքան այս մրցումին դաշտ ներկայանալով Սերվեթի հետ, մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին:
Նշենք, որ Սերվեթ Զուիցերիոյ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7 կէտով կը գրաւէ 7-րդ դիրքը:


