Goal.com կայքը կը տեղեկացնէ, որ Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ, որ իր կազմին միացնէ Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարը:
Կը նշուի, որ անոր փոխանցման համար մայրաքաղաքի կազմը պատրաստ է Պարսելոնային վճարելու… 222 միլիոն եւրօ:
Թէեւ վերջերս Նէյմար Պարսայի հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2021, սակայն այդ քայլը երբե՛ք արգելք չի հանդիսանար, որ ֆրանսական ակումբը դադրի «հալածելէ» Նէյմարը: