Մարզական

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, քննարկելէ ետք իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը, տուաւ համապատասխան որոշումներ: Այս շաբաթ տրուած որոշումներուն մէջ ուշագրաւ էր, որ մարզիկներ եւս սկսան տուգանքի ենթարկուիլ: Ապտել Քատեր Էյյուպի (Ռիատա Ուալ Ատապ) մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ, մինչ 500 հազարական լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցան Մահմուտ Հուէյլի եւ Մոհամետ Խէյր Ապու Ամմօ (Շեպիպեթ Մազրաա): Շապապ...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի հաւաքականի նոր գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ զուիցերիական Ցիւրիխի երիտասարդական խումբի մարզիչ Արթուր Պետրոսեան: Ան իր նոր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 նոյեմբերին: Ան ծնած է 17 դեկտեմբեր 1971-ին, Գիւմրի քաղաքին մէջ: Պետրոսեան 1992-ին հրաւիրուած է ազգային հաւաքական: 1992-էն 2005 ան կատարած է 70 մրցում` նշանակելով 11 կոլ: Նշենք, որ ան բոլոր ժամանակներուն մէջ...

Պասքեթպոլ. Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի 26-րդ Միջազգային Մրցաշարքի Վիճակաձգութիւն

Երէկ կէսօրին, Մանարայի մէջ գտնուող Ռիատի Պէյրութի «Սայեպ Սալամ» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան տղոց պասքեթպոլի 26-րդ միջազգային մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Մրցաշարքը, որ պիտի սկսի երկուշաբթի, 24 հոկտեմբերին, պիտի աւարտի երկուշաբթի, 31 հոկտեմբերին: Մրցաշարքին մասնակցող խումբերն են. Ա. ԽՄԲԱԿ Ռիատի Պէյրութ, Մինա (Իրաք), Հուփս եւ Ժամհիեթ Սալլա (Մարոք): Բ. ԽՄԲԱԿ ՀՄԸՄ, Պիպլոս, Մուժամահ Փեթրոլի (Ալճերիա) եւ Նաժըմ Սահիլի (Թունուզ):...

Ֆութպոլ. Եւրոպայի Լիկա

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ֆեներպահչէ Եւ Սելթա Վիկօ – Այաքս Ամսթերտամ

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, այսօր պիտի ըլլայ բաւական խճողուած` նկատի ունենալով, որ պիտի կատարուին Գ. հանգրուանի 24 մրցումներ: Այսօր մրցում ունի կատարելիք նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ պիտի հիւրընկալէ Ֆեներպահչէն: Նշենք, որ Բ. հանգրուանի մրցումներէն ետք միայն վեց խումբեր` Ափոյել Նիկոսիա, Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ, Այաքս Ամսթերտամ, Շախտիոր Տոնեցք, Քրասնոտար եւ Շալքէ, արձանագրած են երկուքական...

Օխատովէն Խլուեցաւ 2012-ի Ողիմպիականին Անոր Տիրացած Արծաթէ Մետալը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն ռուս ծանրաբարձ Ափթի Օխատովէն խլեց անոր տիրացած արծաթ մետալը, որ ան շահած էր Լոնտոն-2012-ի ողիմպիական խաղերու ծանրաբարձութեան 85 քկ դասակարգի մրցումներուն ընթացքին: Նշենք, որ անոր վրայ կատարուած քննութիւնները տուին դրական արդիւնք: Ի յայտ եկաւ, որ ան արգիլեալ խթանիչ դեղեր գործածած է: Յայտարարուեցաւ, որ ուքրանացի Մաքսիմ Մազուրիք, որ նոյն խաղերուն իր մասնակցութիւնը...

2018-ի Մոնտիալ. «Մարզադաշտերուն Մէջ Համերգները Պիտի Դադրին Մրցաշարքին Սկսելէն 2 Ամիս Առաջ» Յայտարարեց ՖԻՖԱ-ն

«Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի հրապարակած մէկ լուրին մէջ կը նշուի, որ ՖԻՖԱ-ն հաստատած է յատուկ օրէնք մը, ըստ որուն, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալի մրցումները հիւրընկալող մարզադաշտերուն մէջ բացարձակապէս կ՛արգիլուի համերգներ եւ երաժշտական տօնակատարութիւններ կազմակերպել մրցաշարքի ազդանշանին տրուելէն 2 ամիս առաջ: Որոշումին պատճառը դաշտերուն խոտերը լաւ վիճակի մէջ պահելու փափաքն է: Կը խօսուի նաեւ, որ այդ հիւրընկալ դաշտերուն վերաբերեալ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա – Մանչեսթըր Սիթի` 4-0

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցած ամէնէն կարեւոր մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Պարսելոնան եւ Մանչեսթըր Սիթին, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 4-0 արդիւնքով: Լիոնել Մեսսի հեթրիք մը իրագործեց (17-րդ, 61-րդ եւ 69-րդ), մինչ չորրորդ կոլը նշանակեց Նէյմար (89-րդ)` աւելի քան 69 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Նշենք, որ իւրաքանչիւր խումբ մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով: Արսենալ արձանագրեց 6-0 արդիւնքով յաղթանակ...

Մոտրիչ Մինչեւ 2020` Ռէալ Մատրիտի Հետ

Ռէալ Մատրիտ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ երկարաձգած է իր ակումբին մաս կազմող, Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Լուքա Մոտրիչի պայմանագրութիւնը: 30 տարեկան ֆութպոլիստին նոր համաձայնագիրը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2020: Նշենք, որ ան 2012-ին Թոթենհամէն տեղափոխուած է արքայական ակումբ:

Լիբանանի Թեքուանտոյի Ընտրութիւններ. Հապիպ Զարիֆէ Պիտի Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Երկուշաբթի, 24 հոկտեմբերին, Հապիպ Զարիֆէ պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն: Մամլոյ ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ «Հիլթընհապթուր» պանդոկին մէջ (Հըրշ Թապեթ): Ան այս մարզին մէջ բաւական ատակ անձ մըն է` նկատի ունենալով, որ պատանեկութենէն սկսած է Թեքուանտոյի մրցումներուն մասնակցիլ, եղած է տեղական եւ միջազգային մրցաշարքերու ախոյեան, ինչպէս նաեւ` վեց...

Հայաստանի Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը Անբաւարար Գնահատեց Հայ Կռփամարտիկներուն Ելոյթը Ռիօ-2016-ին

Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեան, Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու մասնակցութեան հաշուետուութեամբ հանդէս եկաւ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ: Ան ըսաւ, որ 2016-ին սկիզբը հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պարտականութիւնները ստանձնելէն ետք կատարեց մեծածաւալ աշխատանք` մարզիկները ողիմպիական խաղերուն նախապատրաստելու համար: «Արդիւնքը մեզի տուաւ 5 վարկանիշ: Ասիկա աննախադէպ է հայկական կռփամարտի պատմութեան մէջ: Պրազիլի մէջ մեր տղաքը թէեւ տուին իրենց առաւելագոյնը,...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ռէալ Մատրիտ` Մեծագոյն Յաղթականը

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ` Մեծագոյն Յաղթականը

- Այսօր` Պարսելոնա - Մանչեսթըր Սիթի Ռէալ Մատրիտի յաղթական մարզիկները «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ կը կատարուի խմբակներու դրութեամբ, երէկ տեղի ունեցան Գ. հանգրուանի ճակատումները: Ռէալ Մատրիտ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Լեկիա Վարշաւան, 5-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը, եղաւ երէկուան մրցումներուն մեծագոյն յաղթականը: Կիլըթ Պէյլ (15-րդ), Թոմասց Ժոտլովիեք (20-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ), Մարքօ Ասենսիօ (37-րդ), Լուքաս...

Աւանդական Քարաթէ. Նարեկ Իսկանդարեան` Աշխարհի Ախոյեան

Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ աւարտեցաւ աւանդական քարաթէի աշխարհի ախոյեանութիւնը, կը յայտնէ «Երկիր»: Մեծերու ախոյեանութեան մրցումներուն, աշխարհի ախոյեանի կոչումը նուաճեց Ազգային աւանդական քարաթէ-տօ ֆետերասիոնի անդամ, Հայաստանի բազմակի ախոյեան, միջազգային շարք մը մրցաշարքերու ընթացքին յաջողութիւններու հասած Նարեկ Իսկանդարեան: Նշենք, որ 14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Հայաստանը ներկայացնող 3 մարզիկներ տիրացան պրոնզ մետալներու:  

Ֆութսալ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Կազմը` Պիելոռուսիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումներուն

News.am-Sport կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը 25 եւ 26 հոկտեմբերին Պիելոռուսիոյ դէմ պիտի կատարէ բարեկամական երկու մրցում` վերջինիս դաշտին վրայ: Պատրաստուելու համար այդ երկու մրցումներուն` խումբը յատուկ փորձերու սկսաւ շաբաթասկիզբին (մինչեւ 22 հոկտեմբեր), Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ակադեմիային մէջ: Ստորեւ կու տանք Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռուբէն Նազարէթեանի կողմէ հաւաքական հրաւիրուած ֆութպոլիստներուն անունները. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Յարութիւն Յարութիւնեան (Չարբախ), Դաւիթ Չաւես...

Հայրենի Ֆութպոլիստներուն Ելոյթները` Միջազգային Մրցումներու Ընթացքին

Հայրենի Ֆութպոլիստներուն Ելոյթները` Միջազգային Մրցումներու Ընթացքին

Շուէտի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սետերթելէն 2-1 արդիւնքով յաղթեց (իր դաշտէն դուրս) Էսթիլսթունայի: Լեւոն Փաչաճեան Հիւր կազմէն կոլի եւ կոլի փոխանցման հեղինակ դարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Լեւոն Փաչաճեան, կը յայտնէ News.am-Sport: Իրանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Փայքան իր դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Սանաթ Նաֆթի: Յաղթանակի կոլին փոխանցումը կատարեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային...

Պասքեթպոլ. Ուրարտուի Չորրորդ Պարտութիւնը

Երեւանի Ուրարտու տղոց խումբը երէկ կրեց իր չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը` Ռուսիոյ «Սուփըր-լիկա-1»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան շրջագիծին մէջ: Հայկական ակումբը այս անգամ իր պարտութիւնը կրեց Ռուսիոյ գործող ախոյեան Սախալինէն` 81-69 արդիւնքով: Առաջին քորթըրին Տիգրան Կէօքճեանի կազմը ունէր 2 կէտի առաւելութիւն մը, մինչ երկրորդ քորթըրին ուժերը հաւասար էին: Երրորդ քորթըրին եւ վերջինին, ռուսական կազմը հետզհետէ զգալիօրէն իր առաւելութիւնը բարձրացուց:  

Վոլֆսպուրկ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Վոլֆսպուրկ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Տիեթըր Հեքինկը, խումբին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով: Այս տարեշրջանին խումբը, որ արձանագրեց միայն մէկ յաղթանակ եւ իր կատարած վերջին երեք մրցումներուն պարտութիւն կրեց, այժմ կը գրաւէ դասաւորման 14-րդ դիրքը: Նշենք, որ 52 տարեկան Հեքինկ Վոլֆսպուրկի մարզիչ նշանակուեցաւ 2012-ի վերջաւորութեան: Վոլֆսպուրկի 23 տարեկանէն վար խումբի մարզիչ Վալերիեն Իսմայիլ...

Լիբանանի Փինկ Փոնկի 2016-ի Բաժակի Մրցաշարք. Շալհուպ Եւ Սահակեան Տիրացան Տիտղոսին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի փինկ փոնկի 2016-ի բաժակի մրցաշարքի տղոց եւ աղջկանց մրցումները: Աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ Մարիանա Սահակեան (Նատուա Քամաթիէ), որ աւարտականին 3-0 արդիւնքով (11-5, 11-3 եւ 11-6) յաղթեց Նոել Քէշիշեանին (ՀՄԸՄ Պէյրութ): Երրորդ դիրքը գրաւեց Մէյսա Պըսէյպես, իսկ չորրորդ դիրքը` Ճենիֆըր Խայեաթ (ՀՄԸՄ Պէյրութ): Իսկ տղոց տիտղոսին...

Լիբանանի Քոնկ Ֆու – Ուու Շուի Ընտրութիւններ

Նախորդ շաբաթավերջին «Պել Հորիզոն» ակումբին մէջ (Ատմա) տեղի ունեցան Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ընտրութիւնները: Այս ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 17 ակումբներու 11 ներկայացուցիչներ, ինչ որ նկատուեցաւ օրինական: Նկատի ունենալով, որ միայն 9 անձեր իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին, մրցակից կազմի չգոյութեան պայմաններուն մէջ ինքնաբերաբար ընտրուեցաւ առաջադրուած ցանկը, որ իբրեւ նոր ֆետերասիոն պիտի պաշտօնավարէ յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին: Ստորեւ` 9 անձերէ բաղկացած...

Ակումբներու Դասաւորման Մէջ.  Հայաստան 3 Դիրքի Ոստում Արձանագրեց

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Լիոն – Եուվենթուս. Վաղը` Պարսելոնա – Մանչեսթըր Սիթի

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, այսօր եւ վաղը կը կատարուին ութական մրցումներ: Այսօր մրցում կատարող 16 խումբերուն մէջ Լայսթըր Սիթի միակն է, որ ցարդ իր կատարած երկու մրցումներն ալ աւարտած է յաղթանակով: Ֆ. Ք. Քոփենհակըն այսօր հիւրը պիտի ըլլայ Անգլիոյ ախոյեան Լայսթըրի: Այսօրուան մրցումներուն գծով վեց այլ կազմեր ունին 4-ական կէտ: Բաւական կարեւոր մրցումի...

Կռփամարտ. Արթուր Աբրահամ Կը Նախապատրաստուի Փոխվրէժի Ճակատումին

Արհեստավարժ կռփամարտի միջին կարգի, «Տապլիու. Պի. Տի.»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ, Պերլինի մէջ կը նախապատրաստուի անգլիացի Մարթին Միւրէյի դէմ իր կատարելիք փոխվրէժի ճակատումին: Նշենք, որ այս մենամարտը տեղի պիտի ունենայ 12 նոյեմբերին` Մոնաքոյի մէջ (Ֆրանսա):

Page 1054 of 1276 1 … 1,053 1,054 1,055 … 1,276

Արխիւներ