
Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեան, Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու մասնակցութեան հաշուետուութեամբ հանդէս եկաւ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ:
Ան ըսաւ, որ 2016-ին սկիզբը հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պարտականութիւնները ստանձնելէն ետք կատարեց մեծածաւալ աշխատանք` մարզիկները ողիմպիական խաղերուն նախապատրաստելու համար:
«Արդիւնքը մեզի տուաւ 5 վարկանիշ: Ասիկա աննախադէպ է հայկական կռփամարտի պատմութեան մէջ: Պրազիլի մէջ մեր տղաքը թէեւ տուին իրենց առաւելագոյնը, սակայն դժբախտաբար մետալներու չկրցանք տիրանալ:
«Որովհետեւ ողիմպիական խաղերէն վերադարձանք առանց մետալի, ուստի մեր մասնակցութիւնը բաւարար գնահատել չեմ կրնար»:
Նախարարութեան մէջ կազմուած` հաշուետուութիւնները ընդունող եւ ողիմպիական խաղերուն մասնակցութիւնը ուսումնասիրող աշխատանքի խումբը նոյնպէս հայ կռփամարտիկներուն Ռիօ-2016-ի մասնակցութիւնը կը գնահատէ անբաւարար, յայտնեց նախարարութեան պաշտօնական կայքը:


